Skip to content
Opens in a new window
Բագրատ Էսդուգեան - «Ես Թուրք Չեմ, Ես Հայ Եմ» Հրանդ Տինք, Եկեղեցի Եւ Դրամ | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #75
08 November 2026

Բագրատ Էսդուգեան - «Ես Թուրք Չեմ, Ես Հայ Եմ» Հրանդ Տինք, Եկեղեցի Եւ Դրամ | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #75

Եկէք անկեղծ խօսինք

About

🇦🇲Հայաստան գալու զգացումը. Հայաստանը վայելելը մեծ հարստութիւն է, մեր նախնիներու կեանքը չբաւարարեց տեսնելու այս օրերը։

🇦🇲🇪🇺Երեւանի դիմագիծը. Երեւանը փառաւոր քաղաք է, Արեւմտեան Եւրոպայի ցանկացած քաղաքի համազոր եւ նոյնիսկ շատ աւելի գեղեցիկ քաղաք է։

🇦🇲🇹🇷Հրանդ Տինքէն առաջ եւ ետք. Եթե մեր կեանքը պիտի նկարագրենք, ինծի համար կայ Հրանդ Տինքէն առաջ եւ Հրանդ Տինքէն ետք. ամէնքս Հրանդի չափ հզօր կերպով

կ՚ատենք մարդկութեան դէմ յանցագործութեան հեղինակները։

🇦🇲🇹🇷Սահմաններու բացման սպասումը. Մինչեւ ե՞րբ Հայաստանը պիտի սպասէ, որ այս սահմանները բացուին, եւ արդեօք ո՞րն է թրքական քաղաքականութեան կեղտոտ երեսակը։

⛪️Եկեղեցին եւ իշխանութիւնը. Մի՞թե եկեղեցին միշտ դրամ, հարուստներ եւ իշխանութիւններ կը սիրէ, թէ՞ Հայաստանի մէջ իրավիճակը բոլորովին այլ է։

Օլիկարխական համակարգը. Մինչեւ երեսուն տարի շատ լաւ գացած յարաբերութիւնը յանկարծակի խանգարուեցաւ, որովհետեւ անիկա ազգի յարաբերութիւնը չէր, այլ օլիկարխական համակարգի յարաբերութիւնն էր։

🎙Այս եւ այլ հարցերու շուրջ «Եկէք անկեղծ խօսինք»-ի ընթացքին զրուցած ենք «Ակօս» թերթի խմբագիր, պոլսահայ հրապարակախօս Բագրատ Էսդուգեանի հետ։