Skip to content
Opens in a new window
Արա Միհրանեան - 6100 Տարուայ ՀայկականԳինին, Հայկականութիւն, Հայրենադարձութիւն | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #74
03 November 2026

Արա Միհրանեան - 6100 Տարուայ ՀայկականԳինին, Հայկականութիւն, Հայրենադարձութիւն | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #74

Եկէք անկեղծ խօսինք

About

🍷👩🏻Գինին եւ կինը. Գինիի եւ կնոջ միջեւ զուգահեռներ, գինիի տեսակներու եւ գոյներու բազմազանութեան արժեւորումը։

🇦🇲Հայկական գինիի առաքելութիւնը.Հայկական գինիի պատմութեան ներկայացումը, անոր ճանաչելիութեան բարձրացումը եւ հայկական գինիի հանդէպ սէր ու հետաքրքրութիւն ստեղծելը։

🇦🇲🍷Աշխարհի ամենահին գինեգործարանը. Հայաստանի մէջ աշխարհի հնագոյն գինեգործարանի յայտնաբերումը եւ հայկական գինեգործութեան պատմական նշանակութիւնը։

Հայրենիք վերադարձի որոշումը. Արա Միհրանեանի վերադարձը Հայաստան, 2018-ի թաւշեայ յեղափոխութեան օրերուն Երեւան հաստատուիլը եւ հայրենիք վերադառնալու որոշումը։

Արմենիզմը որպէս փրկութիւն.Հայամէտութեան կարեւորութիւնը՝ որպէս ազգային ինքնութեան պահպանման եւ հայութեան ապագայի կերտման ուղի։

🇦🇲🤝Հայերուն միաւորելու դժուարութիւնը. Հայութեան համախմբման մարտահրաւէրները եւ ընդհանուր ազգային նպատակներու շուրջ միաւորուելու անհրաժեշտութիւնը։

Միասնական նպատակ. Հայապահպանումը, Հայաստանի զարգացումը, ամրապնդումն ու հզօրացումը՝ որպէս համազգային առաջնահերթութիւններ եւ ապագայի ընդհանուր երազանք։

🎙«Եկէք Անկեղծ Խօսինք» #74 փոտքասթի հիւրն է «Հին Արենի»-ի գինիի դեսպան Արա Միհրանեանը։